Հայերեն   English   Русский  

Սիլվա Պալասանեան. Բազմակողմանի Մոնրէալցին


  
դիտումներ: 1129

Գանատա կեցութեան մեր շրջանին առիթը ունեցած էինք շփուելու արժանաւոր տարբեր արուեստագէտներու հետ, մեծամասամբ գեղանկարիչներ:

Այսօր մեր հանդիպումը կայացաւ արուեստի այլ բնագաւառի մէջ յաջողութիւններու հասած, եւ յատկապէս օտարներու մէջ աւելի ճանաչում գտած արուեստագիտուհիի մը հետ: Սիլվա Պալասանեան դաշնակահար եւ երգչուհի: Ծնունդով Լիբանան, ուսման մասնագիտութեամբ՝ Փարիզ, ասպարէզով Մոնթրէալ՝ երաժշտութեան դասախօս եւ դասական երգչուհի: Ան կ'երգէ չորս լեզուներով՝ հայերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ անգլերէն: Փոքր տարիքէն երգած է Շարլ Ազնաւուրի, Ժիլպէր Պէքոյի եւ Ժորժ Մուսթաքիի նման յայտնի երգիչներու հետ՝ անոնց Լիբանան կատարած փառատօներու ընթացքին: Սիլվա Պալասանեան ջատագով է խաղաղութեան ու սիրոյ, ան կը պայքարի ընդդէմ պատերազմի եւ աւերիչ ռումբերու: Ի շարս այլ երգերու անոր ցանկին մաս կը կազմեն «Չինար», «Պէյրութ», «Ատանա» եւ «Սալամ» երգերը: Անոր քսան տարուայ ասպարէզի համալրման տարին 2015-ին, եւ իր երկրորդ ալպոմի «Լէյտի Սիլվա»յի հրատարակման նախօրէին, Սիլվա անդամ կը դառնայ «Արուեստագէտներ Խաղաղութեան Համար» (Artistes pour la Paix) շարժումին: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու համար թարգմանաբար կու տանք ֆրանսատառ «Լը Տըվուար» թերթի մէկ ակնարկը, որ հրատարակուած է իր երկրորդ ալպոմի «Լէյտի Սիլվայի» լոյս ընծայման առիթով:

Աշխարհի տարբեր բեմերու վրայ ելոյթ ունեցած այս դաշնակահար երգչուհիին երազն է հայրենիք այցելել: Յոյսով ենք, որ շուտով կ'իրականանայ այդ ցանկութիւնը:

Երգչուհի եւ դաշնակահար արուեստագիտուհին հանդէս կու գայ «Լէյտի Սիլվա» իր վերջին ալպոմով:

Բազմաթիւ ակունքներէ համալրուած ֆրանսերէնով, զուլալ ձայնով եւ իր դաշնամուրին նման թափառական, Սիլվա Պալասանեան յառաջիկայ Հինգշաբթի «Լիոն տ'Օր» սրահին մէջ կը ներկայացնէ իր անցած ճանապարհը: Երրորդ հազարամեակի սեմին զինք ճանչցած էինք իբրեւ դասական երաժշտութեան եւ շանսոնիէյի ոճի երգերով՝ ներշնչուած ֆրանսացի յայտնի Պարպարա երգչուհիէն: Բայց նաեւ համեմուած իւրայատուկ լիբանանեան եւ հայկական միախառնումով: Ապա «Լէյտի Սիլվա» ալպոմը, որ սկիզբ մըն է հաստատելու իր կնոջ կերպարը:

Սիլվա Պալասանյան

«Այս ցուցադրութիւնը(սբէքթաքլը) ճանապարհս է որ կը սկսի իմ ծննդավայր Պէյրութի մէջ, ապա շրջադարձ կատարելով կը շարունակուի իմ նախնիներուս երկիր Հայաստանով: Ներկայացման առաջին մասը մեծամասամբ մեզ կը տանի Արեւելք իմ առաջին ալպոմիս երգերով. Եւ երկրորդ մասը կը պարունակէ Լէյտի Սիլվա ալպոմին երգերը: Բայց երկուքին միջեւ սահմաններ չկան: Այն բոլոր քաղաքական անհեթեթութիւններով, զորս կ'ապրինք ներկայիս, չենք ուզեր սահմաններ», կ'աւելցնէ Սիլվան:

2002-ին, ան կը հրամցնէ Սուֆլը տ'Օրիան (Արեւելքի շունչը) ալպոմը, որ կ'ընդգրկէ դասական, ժողովրդային եւ աւանդական երգեր, որոնց կ'ընկերանան Սիլվայի դաշնակն ու զանազան արեւելեան գործիքներու կատարումները, որոնք կը ստեղծեն եթերային մթնոլորտ մը իրենց աղիողորմ մեղեդիներով: Ապա առողջական պատճառներով դադարէ մը ետք. ան 2015-ին կը վերադառնայ «Լէյտի Սիլվա» ալպոմով: Այս ձայնապնակը որ մեծամասամբ կը բաղկանայ ֆրանսերէն երգերէ կը ներկայացնէ ազատագրուած կնոջ մը վերադարձը: Իր բառերով. «Ասոնք հեղինակային ըլլալէ աւելի'ն են: Այս բոլորը կը վկայեն նոր անձի մը, նոր կնոջ մը մասին, որ ես եմ. կերպարանափոխուած այն համընդհանուր կինը իր սիրահարական վիշտերով, իր ինքնութիւնը հաստատելու պահանջքով, եւ կանացի իր ինքնուրոյն ճանապարհով:»

Այնուամենայնիւ, վերոյիշեալներու կողքին կայ նաեւ Մոնրէալցին, որ կը հաստատէ. «Լէյտի Սիլվան ինծի համար անկիւնադարձ մը եղաւ: Ես ինքզինքիս խոստովանեցայ որյանձնուած եմ իմ նոր արմատներուս: Այսօր ես Մոնրէալ կը գտնուիմ, Մոնրէալ կը բնակիմ, Մոնրէալի մէջ կը սիրեմ, Մոնրէալի մէջ կ'ուտեմ: Մոնրէալի ձմեռներուն մէջ կը մսիմ, ամէն մարդու պէս յաջորդ ձիւնամրրիկը կը սպասեմ եւ կ'ողբամ, օհ ոչ, դարձեալ ձիւն մաքրել! Զտարիւն մոնրէալցի եմ (pure laine, անխառն բուրդի նման)»: Անիծեալ ձմեռ, այսչափ ալ կ'ըլլա՞յ»: Խնդուքի կը բռնուի, մեծ խնդուք մը.- Մինչ այդ կը յայտարարուին յաջորդ օրուայ եղանակի խայտաբղետ պայմանները...

Սիլվա Պալասանեանի եւ Լէյտի Սիլվայի միջեւ արուեստագիտուհին կը խոստովանի թէ միշտ ինքնութեան երկուութիւն ունեցած է: 2015ի այս ձայնապնակի հրատարակումով, որու առաջնախաղն է մեր հարցազրոյցի առիթը, կարծէք թէ աւելիով կը մարմնաւորուի այս նոր էակի ջերմ՝ բայց ըմբոստ նկարագիրը: Ան կը հաստատէ Լէյտի Սիլվա անձ մըն է որ բռունցքը սեղանին զարնելով կ'ըսէ. «Ալ կը բաւէ, պէտք է դադրեցնել ռումբերը!: Ես կը մեկնիմ ըլլայ ուղտի վրայ թէ թռչող գորգերու, ես կտրած եմ շղթաներս...»: Ան չորս լեզուներով կ'երգէ «Սալամ» խաղաղութիւն երգը, ֆրանսերէն, հայերէն, արաբերէն և անգլերէն: Ան կը դատապարտէ յիշելով Ատանայի (իր նախահայրերու) առասպելական քաղաքի քանդումը, իրարու կապելով հայերէն ծանօթ Ատանա երգի եւ ֆրանսացի բանաստեղծ Փոլ Էլուարի բառերը, գործակցութեամբ Սոֆի Ֆոշէ դերասանուհիի, որ ներկայ պիտի գտնուի այս հանդիսութեան:

Լէյտի Սիլվա ալպոմը պարզագոյն երաժշտութեան մասնակցութեամբ շեշտը կը դնէ երգչուհիի ձայնին վրայ, որ յաճախ կը համեմատուի Ճոն Պայէզի ձայնին հետ. նաեւ խորունկ դաշնակի ընկերակցութեամբ, որ թէ դասական է եւ թէ բիւրեղ, պարզապէս զգացմունքային: Ի սկզբանէ, արուեստագիտուհին նախատեսած էր յաւելեալ նուագարաններու ընկերակցութիւնը. բայց ալպոմի պատրաստութեան ընթացքին անոր մօրը մահը կասեցուց այդ աշխատանքը առիթ հանդիսանալով յայտնաբերելու այս նոր մարմնաւորումը:

Վերջին ալպոմի հրատարակումով Սիլվա կը ներկայացնէ իր հատորի երգացանկը. բայց նաեւ կը խոստանայ յառաջիկայ «Լիոն տ'Օր»ի ներկայացման ներածել կարգ մը ձայնային ծածկոյթներ եւ լուսաւորման նոր միջոցներ: Ապա ան պիտի իրագործէ մանկական երգերու իր ծրագիրը, որ ներշնչուած կը թուի ըլլալ պայթող ռումբերու բայց նաեւ սիրոյ յաղթանակով:

Սիլվա խաղաղութեան համար պայքարող արուեստագիտուհի մըն է, ան կը պատկանի «արթիսթ բուր լա բէյ» համաշխարհային շարժումին:

Էլօ Հերկելեան





Copyright © 2014 — ankakh.com. All Rights Reserved. Նյութերը մասնակի կամ ամբողջությամբ մեջբերելիս ակտիվ` հիպերլինքով հղումը Ankakh.com-ին պարտադիր է: