Հայկական ցեղասպանության հատուցումների ուսումնասիրման խմբի զեկոյց . հարցազրոյց ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Կիրո Մանոյանի հետ
- Համառօտ կերպով կը ներկայացնէ՞ք յանձնախումբի կազմութեան պարագան։
- Մեր նպատակն էր հատուցման հարցին շուրջ համահայկական համախոհութիւն ձեւաւորել։ Մենք 100-ամեակի պետական յանձնաժողովին մէջ ալ այդ ուղղութեամբ խորհրդակցեցանք, աշխատանք տարինք։ Մենք մէջտեղ կը դնենք հիմա այս թղթածրարը, որ անպայման մեր տեսակէտը չէ որ կը ներկայացնէ, կարգ մը կէտերու մէջ կրնայ չհամընկնիլ Դաշնակցութեան տեսակէտներուն, բայց մեր նախաձեռնութեամբ 2007 թուականին ձեւաւորուած մասնագէտներու խումբի զեկոյցն է եւ մեր նպատակն է օգնել որպէսզի համահայկական քննարկում կատարուի եւ ի վերջոյ համահայկական համախոհութիւն ձեւաւորուի այս հարցի շուրջ, ինչպէս որ ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին շուրջ կայ արդէն համահայկական համախոհութիւն։
Ուրեմն, այս թղթածրարի նպատակը հիմնականին մէջ այդ է, այսինքն ե՛ւ ներազգային ճակատի վրայ տալ ատաղձ, որպէսզի այդ ատաղձին շուրջ քննարկումներ տեղի ունենան եւ ինչու չէ նաեւ միջազգային հանրութեան մօտ ներկայացնել ընդհանուր առմամբ գոնէ ինչ շրջանակներու մէջ է հայութեան հատուցման ակնկալիքը։
Նյութն ամբողջությամբ կարդացեք այստեղ